ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ. Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունի «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ երկրին մէջ» աշխատութեան մէջ կը լուսաբանէ քրիստոնեաներուն անապատական կեանքին վիճակը եւ թէ ի՛նչ պատճառներէ մղուած նոյն բարեպաշտ քրիստոնեաները ձգեցին անապատական կեանքը ու հիմնեցին մեծամեծ վանքեր, որոնք վերածուեցան հոգեւոր կեանքի եւ կրօնական ուսման եւ աղօթքի սրբավայրերու: