ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ԼԻՍԷԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի շրջանաւարտութեան օրուան հանդէսին առթիւ։ 54-րդ շրջանի վկայեալները այս առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչներուն եւ իրենց դասընկերներուն կողմէ։