ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ 2023-24 շրջանի վերամուտին, որու ընթացքին կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն։