Թրքահայ կեանք

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՏԱՄԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Լուսահոգի համայնքային գործիչ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած էր, շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս պատրաստուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը՝ ողբացեալ Յարութիւն Շանլըի կեանքին ու գործունէութեան մասին։

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ

Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնի՝ Սուր գաւառակի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս երէկ յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ 2015 թուականին անվտանգութեան ուժերու կողմէ ծաւալուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ վնասուած էր այս եկեղեցին՝ ինչպէս շրջանի այլ բազում սրբավայրերը։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ ելոյթի հրաւիրուած էին երկու հեղինակաւոր մասնագէտներ՝ փրոֆ. Նուրհան Ֆըստըքճը եւ հոգեբան Պիւշրա Կիզէմ Սէօնմէզ։

ԱԹՍՈՒՓ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր եւ խոստմնալից պատանիներէն Ռոպերթ Աթսուփ ուշագրաւ յաջողութիւն կ՚արձանագրէ ֆութպոլի մէջ։ Ան վերջերս ընտրուած է՝ մաս կազմելու համար Թուրքիոյ մինչեւ 15 տարեկաններու ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ քէրմէս մը կազմակերպած էր ի նպաստ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց թաղեցիներ եւ համակիրներ, որոնք Ամանորի ընդառաջ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած՝ տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններուն նկատմամբ ցուցաբերեցին մօտիկ հետաքրքրութիւն։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Այս տարի եւս առցանց կազմակերպուած քէրմէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼ՝ ՓԱԼԱՔԱՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր նպաստը բերել մեր կրթական կեանքին՝ միշտ խրախուսելով նոր սերունդի ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը հետեւողականօրէն կը շարունակէ կրթաթոշակներ յատկացնել՝ Փալաքաշեան կտակի միջոցներով։

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Էջեր