Թրքահայ կեանք

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼ՝ ՓԱԼԱՔԱՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր նպաստը բերել մեր կրթական կեանքին՝ միշտ խրախուսելով նոր սերունդի ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը հետեւողականօրէն կը շարունակէ կրթաթոշակներ յատկացնել՝ Փալաքաշեան կտակի միջոցներով։

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, ընդունեց քաղաքիս մէջ գործող համաքաղաքացիական միութիւններու ատենապետները։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Մետենիյէթ համալսարանի Գեղարուեստի, ծրագրաւորման եւ ճարտարապետական ֆաքիւլթէի թրքական երաժշտութեան բաժնի դասախօսներ տոց. տքթ. Սամի Տուրալը, որուն կ՚ընկերանային նոյն բաժնէն՝ տքթ. Էրտալ Քըլըճ եւ Սեմիհ Էօզտեմիր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։

ՏԱՐԲԵՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼ ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երբ ամէն տարի կը հասնի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տարեկան տօնախմբութիւնը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր տաճարը, յատուկ հոգեհանգստեան արարողութեան հիւրընակալը կը դառնայ, նկատի ունենալով, որ տաճարի գաւթի աջակողմեան անկիւնը կը գտնուի Կ.Պոլսոյ երանաշորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմաքարը։

ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

Էսաեան սանուց միութեան վարչութիւնը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներու նկատառման յանձնեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է նաեւ մամուլին։ Հրապարակուած այս յայտարարութիւնը, դժբախտաբար, ջուրի երես կը հանէ Էսաեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին միջեւ վերջին շրջանին յառաջացած ցաւալի տագնապը, որու վերաբերեալ խօսակցութիւնները շրջանառութեան մէջ մտած էին վաղուց։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Էջեր