ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մինչ սրահի մուտքին ներկայացուած էին տղոց գծագրական աշխատանքները, հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհիներ Թալին Չելիք եւ Պուրճու Իլտենիզ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուած շնորհաւորականները երէկ արձագանգ գտան «Անատոլու» գործակալութեան թողարկումներուն մէջ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ընտանիքէն Յակոբ Կէօքչէն եւ Ժիրայր Աքմերճանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին կը նշուին դպրաց դասու հիմնադրութեան 132-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահ Էրտողանը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի սկսի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
«Բարեկամ» խմբակը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըին, որ կը հանդիսանայ իր բարերարներէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Յովհաննէս Կիւմիւշեանի հիմնած «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Օննիկ Ֆէնէրճիի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70-ամեակը, անցեալ շաբաթավերջին հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ Նիւ Եորքի շրջանի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։