ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովին մէջ պաշտօն պիտի կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ յաջողեցաւ երեսփոխան ընտրուիլ երէկուան ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Ան մաս պիտի կազմէ ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին այցելեց Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ:
Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ նշանակուած է Լենա Ենիեորկան, որ կ՚անդամակցի նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Հոգելոյս ելմտագէտ, բարեյիշատակ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի հեղինակած վերջին բառարանին շնորհանդէսն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէճթեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, հանգուցեալ մարզիկ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը այս տարի եւս մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Փոքրիկները գործադրեցին բազմալեզու յայտագիր մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Տեւա» կուսակցութեան Բ. ընտրաշրջանի երեսփոխանի թեկնածու Էվրիմ Ռըզվանօղլուն եւ իր ընկերակիցները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Ատըեամանի Հայրենակցական միութեան վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Սատըք Պաքըրճըօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Անգարայի «Պիլիմ» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. տքթ. Եավուզ Տեմիրն ու Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան նախկին վարչապետ փրոֆ. տքթ. Պէյճան Իպրահիմօղլուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որ համախմբեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։