ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼԻՔ ԹՐՔԱՀԱՅ ԽՈՒՄԲԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Համահայկական 8-րդ խաղերը պիտի սկսին օգոստոսի 5-ին։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի մէջ։ Մինչ այդ, Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ բազմանդամ խումբի ուղեւորութեան ընդառաջ կազմակերպչական վերջին աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ յատկանշական իրադարձութիւն:
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ համայնքային վարիչները հերթական անգամ անդրադարձան պոլսահայ կրթական համակարգի հրատապ հարցերուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ, երէկ, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը, որ կը գլխաւորէր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Ռաֆֆի Քայքը։ Փառատօնը կազմակերպուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասու, Կազդուրման կայանի եւ Շիշլի մարզակումբի համագործակցութեամբ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Վարդավառի տօնը երէկ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Գնալը կղզիի բարձունքին ժողովուրդը համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։
Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքը օժտուեցաւ նոր եպիսկոպոսով մը՝ յանձինն Մոնս. Սապրի Անարի, որուն ձեռնադրութեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Քաղդէացի Կաթոլիկներու Պատրիարք Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Իսթանպուլէն տասն հոգիէ բաղկացեալ երիտասարդներու խումբ մը յուլիսի 5-10 թուականներուն միջեւ մասնակցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորումի (ՀԵՀԵՄ) համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Աղվերան քաղաքին մէջ:
Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը կը մեկնի Երեւան: