ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
Համահայկական 8-րդ խաղերը այսօր արդէն կը սկսին Կիւմրիի մէջ։ Աշխարհի հայ երիտասարդութեան տեսակէտէ՝ այլեւս աւանդական դարձած մեծ ժամադրութիւն մըն է այս մրցաշարքը, որ կը կազմակերպուի ողիմպիականներու տրամաբանութեամբ։

BEDROS ŞİRİNOĞLU
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ մեր ժամագիրքը» խորագրեալ բանախօսութիւն մը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Երեկոյթի ատենախօսն էր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։
Համահայկական 8-րդ խաղերու՝ օգոստոսի 5-ի բացման ընդառաջ, թրքահայ մարզական շրջանակներէն ներս խանդավառութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որ պատկառելի տողանցքի մը տպաւորութիւնը ստեղծեց։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները երէկ ընդունուեցան Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Մեհմէտ Պիւյիւքէքշիի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Շիշլի վերջին երկու եղանակներուն ախոյեան աւարտած է Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը։
Երեւանի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, օգոստոսի 3-ը։ Համահայկական այս երիտասարդաց համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիրները երէկ ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Կղզիի բարձունքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։