ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի, Գալֆաեանի, Դպրեվանքի խնամակալութեանց, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նոր կազմերու ընտրութեան համար շաբաթավերջին քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդներու կազմերն ալ վերանորոգուեցան, ինչ որ կարեւոր է գաւառի մեր սրբատեղիներու պահպանման տեսակէտէ:
Ամանորի ընդառաջ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը եզրափակուեցաւ, ըստ էութեան բոլոր չափանիշներուն համապատասխան եւ դրական պայմաններով՝ բացառութեամբ Պէյօղլուի պարագան:
Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ կազմակերպչական հարցերու վերաբերեալ պղտորութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ կամաւոր հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, ուսուցիչներէն Լուսինէ Յարութիւնեան եւ երկու սաներ։
Համայնքային ընտրութիւններու երկարաշունչ գործընթացը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-րդ անգամ անընդմէջ վերընտրուեցաւ PEN-ի պատուոյ խորհուրդի անդամ։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շրջանին ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները կը շարունակեն իրենց զօրակցութեան որոնումները համայնքային շրջանակներէն ներս։