ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ համայնքային կարգ մը վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզանքի ուսուցիչներուն հետ։ Վարչութիւնը ներկայիս կը նախատեսէ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ երիտասարդ մարզիկներ հասցնելու ճանապարհին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն Մինաս Գաբուսուզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեսակցեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածու հանդիսացած դեղին խումբի ներկայացուցիչները։ Զրոյցի ընթացքին անոնք ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն շուրջ։
Կը տեղեկանանք, որ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը արդէն վաւերացուած է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 նոյեմբերին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւն մը՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, ան հրաւիրուած էր ասուլիսի մը, որու ծիրէն ներս հաճելի զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցան աշխատանոցներու ձեւաչափով գործունէութիւններ։ Տղաքը օրուան սկիզբին տեղեկութիւններ ստացան Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ այդ հիման վրայ ստեղծագործական աշխատանք տարին աշխատանոցներէն ներս։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երէկ, Ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքը տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի կողմէ գլխաւորուած միջմիութենական յանձնախումբը կազմակերպած էր այս տարուան խրախճանքը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան դէպի գաւառ իր ուղեւորութեան հերթական փուլին երէկ շփումներ ունեցաւ Սեբաստիոյ մէջ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ ան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Սեբաստիոյ կուսակալ Եըլմազ Շիմշէքին եւ քաղաքապետ Հիլմի Պիլկինին։