«ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔ» ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Առասպելներուն յարգանք» մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու հետաքրքրութեան։ 12 խումբ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Զատիկ Սարըեան, Արամ Էվաթօղլու, Կարօ Ինկիլլի եւ Եղիա Չաւիք։
Համաճարակի հետեւանքով 2020 թուականին ընդհատուած Միջմիութենական գիտական մրցաշարքը վերջերս իր աւարտին հասաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած եզրափակիչ փուլով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ համայնքային կարգ մը վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզանքի ուսուցիչներուն հետ։ Վարչութիւնը ներկայիս կը նախատեսէ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ երիտասարդ մարզիկներ հասցնելու ճանապարհին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն Մինաս Գաբուսուզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեսակցեցաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանի եւ գործակից ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածու հանդիսացած դեղին խումբի ներկայացուցիչները։ Զրոյցի ընթացքին անոնք ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն շուրջ։
Կը տեղեկանանք, որ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը արդէն վաւերացուած է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 նոյեմբերին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւն մը՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, ան հրաւիրուած էր ասուլիսի մը, որու ծիրէն ներս հաճելի զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ տեղի ունեցան աշխատանոցներու ձեւաչափով գործունէութիւններ։ Տղաքը օրուան սկիզբին տեղեկութիւններ ստացան Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ այդ հիման վրայ ստեղծագործական աշխատանք տարին աշխատանոցներէն ներս։