ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիոյ հարաւը, արեւելքը եւ հարաւ-արեւելքը ամբողջութեամբ ցնցած իրերայաջորդ աղէտալի երկրաշարժներէն վերջ, լրջօրէն վնասուած են նաեւ երկրի բազմաթիւ քաղաքներու սրբավայրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս Հաթայի կացութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Մարտի 12-ին նախատեսուած Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ այս մօտալուտ կարեւոր իրադարձութեան նկատմամբ։ Արդէն վեց խումբեր թեկնածութիւն առաջադրած են՝ յաւակնելով թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու յառաջիկայ հնգամեայ ժամանակաշրջանին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ «Մարալ»ի երիտասարդ տարրերէն Պուրակ Էրիքին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան այս օրերուն քաղաքս կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Աստուածաշունչի ընկերութեան տարածաշրջանային մակարդակով կազմակերպուած ժողովներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Արէտ Աքփոլատի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարը։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս օրերուն զօրակցութեան շարժում մը սկսած է՝ ի նպաստ երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Այսպէս, միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հիւսքի աշխատանոց մը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամուհի Թանիա Հանչէրօղլուի, որ, միեւնոյն ժամանակ, վաստակաւոր գծագրութեան ուսուցչուհի մըն է։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ընդունեց պոլսահայ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի դիւանադպիր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց համայնքային շրջանակներու համակրելի գործիչներէն Արի Չոլաքը։ Այս վերջինը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը չորս տարի վարելէ վերջ արդէն որոշած էր բաւ համարել։