Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ամրան դասընթացները Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին ամբողջ  թափով։ Զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած այս դասընթացները ներկայիս ունին բացառիկ նշանակութիւն։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ, ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՅԼՈՒ ԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ՓՈՒԹՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ ԳԱՏԳԸԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔԻՆ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տհաճ դէպքը երէկ պետական աւագանիի ամենաբարձր մակարդակի վրայ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անընդունելի անպատշաճութիւն մը որակեց այս դէպքը։ Իր խօսքով՝ այս անարգանքը կը համարուի խափանարարութիւն մը՝ մեր միասնականութեան եւ միութեան դէմ։

ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Յուլիսի 14-ի՝ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս բացօթեայ հաւաքոյթը։

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԸ

Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։

ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ

Պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները երէկ երեկոյեան շարունակուեցան Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային վարիչները ներկայ դժուարին փուլին կողմնակից են՝ վարժարաններու փակման կամ միացման վերաբերեալ սուր հարցերուն համար առաջնորդուիլ մասնագէտներու կարծիքներով:

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս վերաձեռնարկեց աշխատանքի։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ, նախընթաց օր համոյթի փորձերը վերսկսան Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։

ՊԷՅՔՈԶԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու Արէտ Չիչէքէքէրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս քաղաքավարական այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ներկայ վիճակին մասին։

Էջեր