ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ISTANBUL ART SHOW-ԻՆ
Հարպիյէի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Istanbul Art Show-ը, որ գեղարուեստական մեծ ձեռնարկ մըն է։ Վիթխարի ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ համախմբուած են կերպարուեստի բազում վարպետներ։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած էր քէրմէսը, որու բացումին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրաքեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ներս ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Վերջին օրերուն զարդարուեցաւ նաեւ գատըգիւղցիներու տօնածառը, որ տեղադրուած է թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները վերջին շրջանին իրականացուցին շարք մը պտոյտներ, որոնք թէ՛ խանդավառութեան առիթ հանդիսացան տղոց տեսակէտէ եւ թէ նպաստեցին անոնց ընդհանուր գիտելիքներու զարգացման։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւս թաղականներուն հետ փութացած էր Գումգաբու։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Այդ մէկը Խորհրդակցական մարմնի 2018 թուականի վերջին նիստն էր։
Այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թէ՛ ծնողաց միութիւնը եւ թէ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբը բծախնդիր պատրաստութիւններ տեսած էին եւ այդ ամբողջ աշխատանքը արդարացաւ քէրմէսի արժանացած վառ հետաքրքրութիւնով։
Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակին Գումգաբուի մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ, ինչ որ կ՚ազդարարէ տօնական շրջանի սկիզբը։
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի գլխաւոր կազմը ներկայ եղանակի սկիզբին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Առաջին չորս խաղերէն երեք յաղթանակ ապահոված են շիշլիցիները։
Ամանորի սեմին Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Երէկ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու ընթացքին ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէնները արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան։