Թրքահայ կեանք

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ եկեղեցիներու համատեղ յանձնախումբի անդամները, որոնք փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ իրեն։

ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԷԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան վերջերս այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտներու ակռաները։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կը հիւրընկալուի՝ որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման ղեկավար։
Պետրոս Շիրինօղլու Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ այսօր կը տեսակցի փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ, որ կառավարութեան կազմէն ներս պատասխանատու է փոքրամասնութիւններու հարցերով։
Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան պատրիարքական եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին առկայ խնդիրներն ու շարք մը այլ հրատապ նիւթեր, որոնք ունին լուրջ նշանակութիւն։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Պելժիոյ հիւպատոսարանին մէջ։

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյքոզի եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման, բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներուն շուրջ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։

Էջեր