ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿՈՂՄԷ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Տարուան վերջին օրը նախատեսուած է Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, իբր այդ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան՝ ստանալու համար Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի օրհնութիւնը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցաւ հոգեբան Սելին Էօզքան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ պատգամ մը հրապարակեց Երուսաղէմի առկայ տագնապին առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ մեծ ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտնի որոշումով ստեղծուած իրավիճակին, որով վնաս կրած է Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տարեկան հանգանակութեան զուգահեռ պիտի նշուի հաստատութեան արդի վիճակով հիմնադրութեան տարեդարձը։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական քէրմէսը։
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքի այս տարուան ախոյեանը հանդիսացաւ Տատեան սանուց միութեան խումբը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ամանորեան խրախճանք մը։ Այս ամբողջին մէջ միութեան երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ նաեւ տօնավաճառ մը, որու այցելուները տարեմուտի սեմին հնարաւորութիւն ունեցան իրենց սիրելիներուն համար գնումներ ընելու 2018-ի ընդառաջ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Վոսփորի եւրոպական ափի այս եկեղեցին բարենորոգութեան աշխատանքներու ենթարկուած էր վերջին շրջանին։ Այդ բոլորի աւարտին Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին օծուեցաւ ու վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։