ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Քարասուի գաւառապետ Ազիզ Մերճանին։
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը անցեալ տարի հանդիսացած էր այս մրցաշարքին առաջինը՝ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը կը հանդիսանան գարակէօզեանցիները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան լուսաբանութիւն մը հրապարակեց Պիւյիւքտէրէի իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճաւաք վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Հայերէնի արժէքաւոր ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի եւ դասարանի ուսուցչուհիներու մականին ներքեւ պատրաստուած էր հանդիսութիւնը։