ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներու նպատակասլաց արժեւորման նիւթին շուրջ։
VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը տեղեկացուց, որ մինչեւ շաբաթավերջ ժամադրութիւն մը կը նախատեսուի փաստաբան ալի էլպէյօղլուի հետ: Հրանդ Մոսկոֆեանի համոզմամբ, համայնքային հաստատութիւններուն համար տրամադրուելիք միջոցները պէտք է յստակ չափանիշներ ունենան եւ անպայման պէտք է մշակուի կանոնադրութիւն մը՝ եթէ նոյնիսկ այդ մէկը ըլլայ անպաշտօն։
Մասնագէտ ազգայիններէ բաղկացեալ՝ թաղային խորհուրդի առընթեր ստեղծուելիք յանձնախումբին կորիզը արդէն յստակացած է եւ աստիճանաբար կը բիւրեղանան աշխատանքներու հիմնական առանցքները։