ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կը հիւրընկալուի՝ որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման ղեկավար։
Պետրոս Շիրինօղլու Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ այսօր կը տեսակցի փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ, որ կառավարութեան կազմէն ներս պատասխանատու է փոքրամասնութիւններու հարցերով։
Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան պատրիարքական եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին առկայ խնդիրներն ու շարք մը այլ հրատապ նիւթեր, որոնք ունին լուրջ նշանակութիւն։
Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Պելժիոյ հիւպատոսարանին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյքոզի եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման, բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներուն շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Քարասուի գաւառապետ Ազիզ Մերճանին։
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը անցեալ տարի հանդիսացած էր այս մրցաշարքին առաջինը՝ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը կը հանդիսանան գարակէօզեանցիները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։