Թրքահայ կեանք

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ 130-ԱՄԵԱԿԸ

«Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» խորագրեալ յոբելենական հանդիսութիւնը ցոլացուց մեր կրթական հաստատութիւններու բախտորոշ առաքելութիւնն ու դաստիարակչական կեանքի հարուստ աւանդութիւնները՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ շեշտելով տուեալներ, նաեւ խորհրդանշական զուգահեռներով խոշորացոյցի տակ բերելով առկայ կացութիւնը, ընդգծելով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդներուն ինքնութեան գոյատեւման մարտահրաւէրները:
Աշակերտները յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրելէ վերջ ձեռնարկի աւարտին երգեցին «Ով մեծասքանչ»ը՝ կրելով պաստառներ, որոնց վրայ նշուած էին պոլսահայ այսօրուան վարժարաններուն անունները:

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԵԼՈՅԹ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ող­ջու­նեց՝ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս ե­ղա­նա­կին կազ­մա­կեր­պուած պա­լէի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կան հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։

ՄԱԷՍԹՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԵՔԻՃԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԻՐ 90-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր օ­րեր կ՚ապ­րի՝ թա­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ներ­կայ շրջա­նին։ Զու­գա­հե­ռա­բար հա­մայն­քի ա­րուես­տա­սէր­ներն ալ կը վա­յե­լեն այս յո­բե­լեա­նը թէ՛ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րով եւ թէ մա­նա­ւանդ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ այս յո­բե­լեա­նի ի­մաս­տին հա­ղորդ դառ­նա­լով։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ 13-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան­նե­րով հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ե­ռօ­րեայ այս մրցա­շար­քը ար­դէն 13-րդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ար­ժա­նա­նա­լով մեր հա­մայն­քի ու­շադ­րու­թեան։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի սրա­հին մէջ։

ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԱՊԱՂԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ու Ե­րե­ւա­նէն՝ եր­գիչ Գուր­գէն Տա­պա­ղեա­նը։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի 85-ա­մեա­կին առ­թիւ, Տա­պա­ղեան այ­սօր ե­րե­կո­յեան հան­դէս կու գայ հա­մեր­գով մը։

ՊԱՐԹԵՒԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ

Մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի սի­րուած աստ­ղե­րէն Պար­թեւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ հա­մեր­գով մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ իր հա­մա­կիր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Պա­քըր­գիւ­ղի «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղարուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մեր­գը, ո­րու հո­վա­նա­ւորն էր յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։

«ԼՈՅՍ» ԵՐԿՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼ ԻՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՆԳԱՄԵԱԿԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին «Լոյս» երկ­շա­բա­թա­թեր­թը պի­տի նշէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան հին­գե­րորդ տա­րին։ Հնգա­մեա­կին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Լոյս»ի սե­փա­կա­նա­տէր Ա­րամ Քու­րանն ու իր դուստ­րը՝ Մա­րալ Պե­լին­տա Քու­րա­նը, որ եւս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նի խմբագ­րա­կազ­մին մէջ։

Էջեր