ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան Իսթանպուլ այցելեց խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը ներկայիս հետամուտ է թատերական ծրագրի մը։ Միութենէն ներս ստեղծուած է նոր թատերախումբ մը, որ կը կոչուի «Բարեւ»։ Այս վերջինը կը խարսխուի յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութեան ու եռանդին վրայ։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։