ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ-ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ ԵՒ ԱՇՈՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Երեւանէն ժամանեցին Իսթանպուլ։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) կրթական յանձնախումբին անունով անոնք դիմաւորուեցան Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէքի կողմէ։