ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Դաշինքը կը յուսայ նոր ազդակ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս՝ քանի որ լուծումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Թուրքիա-Հայաստան առկայ անհաղորդ կացութեան մէջ կը փոխանակուին ծանր յայտարարութիւններ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը երէկ ուշ գիշերին ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասաւ «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Տարեմուտին պիտի շարունակուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ քննարկումները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խորհրդակցեցաւ բնագաւառի յառաջատար ներկայացուցիչներուն հետ:
Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յառաջիկայ տարի բանակցութիւններ կրնան սկսիլ վիզաներու ջնջման համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի ռազմականացումը սպառնալիք կրնայ հանդիսանալ ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան պահպանման համար։
ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան ժողովը:
Կեանքի 77-րդ տարիին մահացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գրականագէտ Ֆելիքս Մելոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ան կեանքէն հեռացած է երկարատեւ հիւանդութեան պատճառաւ։