ԻՏԱԼԻԱ Կ՚ԱՌՆԷ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Իտալիոյ իշխանութիւնները Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն յետոյ պեթոնէ ցանկապատեր տեղադրած են Հռոմի, Միլանոյի, Պոլոնիոյ, Թուրինի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ զբօսաշրջային գլխաւոր հնգագոյն ժառանգութիւններուն մօտ:
Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ մշակոյթի վարչութիւններուն յանձնարարած է նախապատրաստուիլ այս տարուան Սեպտեմբերի 6-8 թուականներուն միջեւ նախատեսուող «Երեւանի օրերը Սեն Փեթերսպուրկի մէջ» ձեռնարկներու ծրագրի պատշաճ իրականացման:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Իրան։ Պաղտատի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան պիտի անցնի Էրպիլ, ուր պիտի հիւրընկալուի Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի կողմէ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Սոչիի մէջ ան կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Փարիզի մէջ կազմակերպուած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Մրցաշարքի վերջին օրը Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան նուաճեց ախոյեանի տիտղոս։
Թուրքիոյ եւ Յորդանանի ղեկավարութիւնները երէկ քննարկման առին տարածքաշրջանի կացութիւնը:
Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիրն ու թարգմանիչը երէկ աչքերը փակեց կեանքին:
Հայկական մարմնամարզի աշխարհէն ներս կը շարունակէ փայլիլ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի աստղը։ Այսպէս, ան երէկ դարձաւ աշխարհի երրակի ախոյեան։