Լրահոս

ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՓԵՔԻՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԱՌԸՆՉԱԿԻՑ ԴԱՐՁՆԵԼ ԵՏՄ-Ն ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ

Մոս­կուա­յի եւ Փե­քի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի նա­խագի­ծե­րը ի­րա­րու հետ ա­ռըն­չա­կից դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս նիւ­թը վեր­ջերս քննար­կուե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սի Ցզին­փի­նի կող­մէ։

ՍԱՐԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԻ «Երկրաշարժ» ժապաւէնը

Շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ըն­կե­րակ­ցու­թեան Golden Globe ա­մե­նա­մեայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէջը անդ­րա­դար­ձած է Սա­րիկ Անդ­րէա­սեա­նի «Երկ­րա­շարժ» ֆիլ­մին: Ժա­պա­ւէ­նին նիւ­թը հիմ­նուած է 1988 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած երկ­րա­շար­ժի ի­րա­կան պատ­մու­թեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հա­զար մար­դու կեանք:

ՖԻՏԷԼ ՔԱՍԹՐՈՅԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Կա­զե­թա.ռու» կը հա­ղոր­դէ, որ Քու­պա­յի յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վար Ֆի­տէլ Քասթ­րո­յի վեր­ջին հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րե­սուն մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ՝ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն եւ Ափ­րի­կէէն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ՁԻՒՆԱԾ Է

«Ա­րա­պի­յա» ար­բա­նեա­կա­յին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նին մէջ ձիւն տե­ղա­ցած է, իսկ թա­գա­ւո­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղա­տա­րափ անձ­րեւ­ներ ար­ձա­նագ­րուած են:

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐ

Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրացաւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հակակշռուած տարածքներու երեսուն տոկոսին:
Պեշար Էսատի վարչախումբին ենթակայ զօրքերը թողած են միջանցք մը՝ որպէսզի քաղաքի արեւելեան հատուածին հիւսիսը դատարկուի զինեալներէն:

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ

Հայաստանի մարմինները հետեւողական աշխատանք կը տանին սուրիահայոց խնդիրներու լուծման համար:
Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար բանակցութիւններ կը վարուին Քուէյթի եւ Չեխիոյ հետ: Երեւանի ղեկավարութիւնը նոյն նպատակով կը ջանայ շարժման անցընել նաեւ ԵՄ-ի միջոցները:

BİK ՈՐՈՇԱԾ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ

Մամ­լոյ ծա­նու­ցում­նե­րու հաս­տա­տու­թիւ­նը (Basın İlan Kurumu-BİK) ո­րո­շած է այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կել օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու թեր­թե­րուն հա­մար։ Ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ BİK-ի հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ար­դիւն­քին առ­նուած է այս ո­րո­շու­մը։

«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­բե­րեալ քննար­կում մը։ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հիմ­նախն­դիր­ներ» խո­րագ­րեալ հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով մաս­նա­գէտ­ներ քննար­կե­ցին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ու պահ­պան­ման ուղ­ղեալ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու խնդի­րը։

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ «ՈՍԿԷ ԱՇՈՒՆ»

Ա­խալ­քա­լա­քի ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նին (ԱԵԿ) մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Ոս­կէ ա­շուն» ձեռ­նար­կը: Ա­շու­նը այս­տեղ բա­ցա­յայ­տուած է տար­բեր ձե­ւով. հիւր ե­կած է տա­րուան ա­մե­նա­գու­նեղ ե­ղա­նա­կը՝ իր բո­լոր գոյ­նե­րով եւ բերք ու բա­րի­քով: Ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին զգա­լի ե­ղած է աշ­նան շուն­չը, ո­րուն մաս­նակ­ցած է ԱԵԿ-ի տար­բեր խմբակ­ներ յա­ճա­խող շուրջ հա­րիւր սան: Կեդ­րո­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կած են եր­գով, աս­մուն­քով եւ պա­րա­յին կա­տա­րում­նե­րով:

Էջեր