ԽՐԻՄԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ 30-ԱՄԵԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդարանի Խրիմեան ճեմարանի ընտանիքը, Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ նշեց ճեմարանի 30-ամեակը՝ այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին։
«Հայրենիքէ դուրս հայապահպանութիւն իրականացնող կառոյցը նախ եւ առաջ հայկական դպրոցն է»:
Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպեր, որ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը, յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Եւրոմիութեան ապագայ ներգրաւուածութիւնը կախեալ է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացումէն
Տեղատարափն ու կարկուտը երէկ երեկոյեան ժամերուն բառին բուն իմաստով գերեվարեցին Իսթանպուլը:
Նախարար Ցախի Հանեկպի աւարտեց դէպի Երեւան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը:
Արցախի մէջ վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Գանձասարի վանքի օծման 777-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայկական PR» մրցանակաբաշխութիւնը։ Արդիւնքներու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։
Նախարար. «Իսրայէլ կը փափաքի բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացնել Հայաստանի հետ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին հիւր նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։