Լրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ՃԱՏԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ երեք հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ, տեղական ժամով շուրջ 18.05-ին պատահեցաւ դէպքը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը՝ կրակելով հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերու միջոցաւ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Զուիցերացի արուեստագէտ Թերեզէ Վեպերի «Թուղթ-ձեռք եւ ոգի. պատումներ արուեստի մէջ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ: Մինչ ցուցահանդէսի բացումը միջոցառման մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցան Թերեզէ Վեպեր եւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները:

ԽԱՂԱՂ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց համանախագահներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Սերժ Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք կրնան կանխել լարուածութեան աճը:

​ԹԵՀՐԱՆ ՄԵԾ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՌՋԵՒ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հազարաւոր յուղարկաւորներ, Յունիսի 9-ին, Ուրբաթ օր, մասնակից դարձան Իրանը հարուածած ծանր ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներու թաղման արարողութեան: Բողոքի շունչ պարունակող թաղման թափօրին հետեւողները բողոքի խօսքեր արտասանելով կը յառաջանային 12 զոհերու դագաղներուն ետեւէն:

Էջեր