ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ Մարտի 15-ին նախատեսուած համագումար ժողովի արդիւնքով պիտի ընտրէ տեղապահ մը:
Կրօնական ժողովի նիստէն վերջ եկեղեցականաց կողմէ պաշտօնի պիտի կոչուի մեր Պատրիարքութեան երեք սրբազաններէն մին, որ նախաձեռնարկ մարմնի մըն ալ կազմուելուն զուգահեռ՝ պիտի ստանձնէ նախընտրական գործընթացի վերահսկման պատասխանատուութիւնը - Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն - Գումգաբուէն հասած լսումները առայժմ բաւարար չեն կանխատեսումներու համար - ԺԱՄԱՆԱԿ շօշափեց վեղարաւոր միաբաններու տրամադրութիւնը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Դէպի Փարիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան սկիզբին Սերժ Սարգսեան ֆրանսական գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» (MEDEF) կազմակերպութենէն ներս։

Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ այս առաւօտ ելոյթ մը ունեցաւ՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ ՃՀՓ-ական երեսփոխանը մատնանշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կանանց իրաւունքներու պայքարի պատմութեան մէջ մոռացութեան կը մատնուին փոքրամասնութիւնները։
Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն հանդիպումը ստեղծեց լայն արձագանգ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտ (Միացեալ Նահանգներ) այս շաբաթավերջին պիտի այցելեն Պաքու։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ տեղեկացուց, որ միջնորդներուն շփումները նախատեսուած են Մարտի 11-ին։
