Լրահոս

ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով հիւ­րըն­կա­լեց Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Ար­քա­յազն ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թին­կը, որ պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի դես­պան Նաֆ­սի­քա Նեն­սի Է­ւա Վրայ­լան:

Շարլ Ազնաւուր յունուարի 31-ին համերգ ՊԻՏԻ տայ Մատրիտի մէջ

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան Յու­նուա­րի 31-ին հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Սպա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մատ­րի­տի մէջ։

Հայաստանի ֆութսալի Հաւաքականը Մեկնեցաւ սպիտակ ռուսիա

Զուի­ցե­րիոյ Նիոն քա­ղա­քին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ 2018-ի Եւ­րո­պա­յի ֆութ­սա­լի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցում­նե­րուն վի­ճա­կաձ­գու­թիւ­նը:

ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՅայտնաբերՈՒԱԾ՝ 414 ոտքՈՎ կենդանի ՄԸ

Կեն­դա­նա­բան­նե­րը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի քա­րան­ձաւ­նե­րէն մէ­կուն մէջ յայտ­նա­բե­րած են բազ­մո­տա­նի ար­տա­սո­վոր ա­րա­րած մը, որ ու­նի 414 ոտք, ինչ­պէս նաեւ 200 թու­նա­ւոր գեղձ ու 4 սե­ռա­կան օր­կան:

ՊԱՇԻՔԱ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ

Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ պաշտպանուած փեշմերկէները արձանագրեցին կարեւոր յաջողութիւն մը:
Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վերապահութիւն ցոյց տալ Մուսուլի գործողութեան Անգարայի մասնակցութեան դէմ: Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները նոր յարձակումներ կը կատարեն:

«ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի մաս­նա­գէտ­նե­րէն Սու­սան­նա Գալս­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ քա­ղա­քիս մէջ տա­րուած երկ­շա­բա­թեայ աշ­խա­տան­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւ­նով մը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Սու­սան­նա Գալս­տեան Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ աշ­խա­տանք տա­րաւ մար­դա­մե­քե­նա­ներ (ռո­պոթ) շի­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Դա­րա­ւոր Հա­յաս­տա­նի նո­րան­կախ պե­տու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ այս ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուե­ցաւ ֆրան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քի ին­նե­րորդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս։

ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Անգարա։
Թուրքիա եւ Իրաք ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են Մուսուլի պարագային, իսկ գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ յառաջիկայ օրերուն շփումներ կը նախատեսուին երկու երկիրներուն միջեւ, Ուաշինկթընի ղեկավարութեան խրախուսանքով։
ԻՇԻՊ Քերքիւքի մէջ նոյնաժամանակ օգտագործեց կենդանի ռումբեր. զոհերու մասին մտահոգիչ լուրեր։

Էջեր