ԹՈՒՆՃԵԼԻԻ ՄԷՋ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾ. 12 ՆԱՀԱՏԱԿ
Երէկ բովանդակ Թուրքիա մեծ ցաւ ապրեցաւ Թունճելիէն հասած լուրերով։ Հանրային պաշտօնեաներ փոխադրող ոստիկանական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ՝ անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։ Լեռնային հատուածէ մը ներս պատահեցաւ արկածը, որու հետեւանքով տասներկու հոգի նահատակուեցաւ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է փոխադրամիջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ։
Լաթվիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիկայի մէջ տեղի ունեցաւ միջնադարեան հայ հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ, տաղերգու Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի լաթիշերէն տարբերակի շնորհանդէսը: Գիրքը թարգմանած է լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինա:
Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շահեկան դասախօսութիւն մը Պէյրութի մէջ:
ՀԱՊԿ-էն ներս վերջապէս ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացաւ երկար սպասողական շրջանէ մը վերջ:
Չարլի Փափազեան գրեթէ ամէն ինչ գիտէ տնային պայմաններու մէջ գարեջուր պատրաստելու մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքին ամերիկացի գիտակը այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Երկրային այս կեանքը տրուած է մեզի որպէս ժամանակ Աստուծոյ փրկարար կեանքին վկայութիւնը բերելու, Աստուծոյ պատուիրաններն ու պատգամները իրագործելու մեր իրականութեան մէջ, մեր ընտանիքներուն, մեր երկրին, մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին ներքեւ»:
Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան. երէկուան հանրաքուէի լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ: