ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Կիւլպէնկեան հիմնարկը յամառ աշխատանք կը տանի լեզուի ծրագրերուն համար:
Երրորդ «Ուիքի ճամբար»ը այս ամառ նախատեսուած է Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքին մէջ:
Կիւլպէնկեան հիմնարկը յամառ աշխատանք կը տանի լեզուի ծրագրերուն համար:
Երրորդ «Ուիքի ճամբար»ը այս ամառ նախատեսուած է Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքին մէջ:
Forbes հեղինակաւոր ամսագիրը Երկուշաբթի հրապարակած է տոլարային միլիառատէրերու ամէնամեայ համաշխարհային ցուցակը:
Այս ցուցակին մէջ ներառուած է ռուսաստանաբնակ երեք հայ գործարար:
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու միասնութեան ապահովման գործին մէջ դարերէ ի վեր անփոխարինելի եղած է մշակոյթի ու գրականութեան դերը: Բազմիցս ատիկա տեսանելիօրէն ապացուցուած է ու հաստատուած:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Իր այցելութիւնը կը տեւէ երկու օր։ Չավուշօղլու մասնակցութիւն կը բերէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի ձեռնարկած միջազգային համախոհութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ապու Տապիի մէջ ան պիտի մասնակցի Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներդրումային համաժողովին։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին բացումը։ Ծանօթ է, որ այս երկաթուղին կը կառուցուի Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն մասնակցութեամբ ստորագրուած համաձայնագրի մը հիման վրայ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական լրագրական աշխարհի երէց դէմքերէն մին՝ Վանիկ Սանթրեան։ Սովետական լրագրական դպրոցէն հասած վարպետ մամլոյ սպասաւոր մըն էր ան։
Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պարգեւատրեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Այսպէս, իրեն շնորհուեցաւ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի նորահաստատ «Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան» շքանշանը։
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցած է «Կրացիա» պարի փառատօնին բացման արարողութիւնը՝ նուիրուած պարուսոյց Էլէնա Սարգսեանի յիշատակին: