Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ. «ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՋԸ ՄԵՐ ՎՐԱՅ ԿԸ ԶԳԱՆՔ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ»
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։
Լվովի հայկական թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբալեանին ձօնուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։