ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։
Forbes հեղինակաւոր ամսագիրը Երկուշաբթի հրապարակած է տոլարային միլիառատէրերու ամէնամեայ համաշխարհային ցուցակը:
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Իր այցելութիւնը կը տեւէ երկու օր։ Չավուշօղլու մասնակցութիւն կը բերէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի ձեռնարկած միջազգային համախոհութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ապու Տապիի մէջ ան պիտի մասնակցի Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներդրումային համաժողովին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն: