51.41 % ԱՅՈ...
Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան. երէկուան հանրաքուէի լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ:
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը շուրջ տասն օր վերջ պաշտօնապէս պիտի հրատարակէ վերջնական արդիւնքը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Գամիշլի՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհըր-դարանի երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանի:
Վաղը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ հանրաքուէի համար։ Շաբաթներէ ի վեր հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այս հանրաքուէի արդիւնքին։
ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին համոզմամբ, նաւթի վաճառքի եկամուտները որոշ գլխապտոյտ պատճառած են Ատրպէյճանին:
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Հերպերթ Զալպէր ամսավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, թէ այցելութեան յստակ ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ ու երբ որ յայտնի դառնայ՝ անմիջապէս պիտի հրապարակուի։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքէք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Պիշքէքի մէջ կը մասնակցի երկու ժողովներու։