ԿԻՒԼԹԱՆ ՔԸՇԱՆԱՔ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք առնուեցաւ հսկողութեան տակ՝ ահաբեկչութեան հարցաքննութեան շրջագծով։ Նոյնպէս ձերբակալուեցաւ նաեւ համաքաղաքապետ Ֆըրաթ Անլը։
Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք առնուեցաւ հսկողութեան տակ՝ ահաբեկչութեան հարցաքննութեան շրջագծով։ Նոյնպէս ձերբակալուեցաւ նաեւ համաքաղաքապետ Ֆըրաթ Անլը։
Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 28-ին, Կլենտէյլի մէջ, Գալիֆորնիա, տեղի պիտի ունենայ Զեփիւռ Ճերահեանի անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը, Հայկական արուեստներու ցուցասրահին մէջ։ Զեփիւռ Ճերահեանի սոյն ցուցահանդէսը նուիրուած է գաղթականական տագնապին, գաղթականներու ոդիսականին, յատկապէս՝ Սուրիոյ տագնապի լոյսին տակ։
Անգարա լուրջ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ Մուսուլի ազատագրման մասնակցութեան հարցին շուրջ:
Ռուսաստան լրաքաղութիւն կ՚ապահովէ թրքական կողմին՝ «Եփրատի վահան» գործողութեան համար:
Բակօ Սահակեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ըստ Իկոր Փոփովի, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան հետ շօշափուեցան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ բարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Արքայազն ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկը, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էւա Վրայլան:
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր յառաջիկայ տարուան Յունուարի 31-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Սպանիոյ մայրաքաղաքը՝ Մատրիտի մէջ։
Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 2018-ի Եւրոպայի ֆութսալի ախոյենութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Կենդանաբանները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի քարանձաւներէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են բազմոտանի արտասովոր արարած մը, որ ունի 414 ոտք, ինչպէս նաեւ 200 թունաւոր գեղձ ու 4 սեռական օրկան:
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ պաշտպանուած փեշմերկէները արձանագրեցին կարեւոր յաջողութիւն մը:
Պաղտատի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ վերապահութիւն ցոյց տալ Մուսուլի գործողութեան Անգարայի մասնակցութեան դէմ: Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները նոր յարձակումներ կը կատարեն: