ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ իր առաջին ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար։
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ Էսթերա Մկրտումեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Արժանթին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»:
Ռուսական ռազմաօդանաւ մը թիւրիմացութեամբ ռմբակոծեց շէնք մը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ. 3 նահատակ:
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը: