ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ Ս. Սարգիսի Տօնի Փառատօն
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սկսած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնը: Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ Փետրուար 1-էն սկսեալ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող թատրոններու բեմերուն վրայ (Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերու) կ՚ընթանան տօնին նուիրուած ներկայացումներ:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը շփումներ ունեցաւ երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով:
23 միլիոն եւրօ ներդրումով տարածքաշրջանէ ներս Reebok-ի մեծագոյն կեդրոնը:
«Սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնի առթիւ Փետրուարի 11-ին Արարատեան Հայրապետական Թեմը՝ առանց տարիքային սահմանափակման, կը հրաւիրէ բոլորը մեծ շուքով նշելու Սուրբ Սարգիսի տօնը, որպէսզի Երեւանը զարդարուի սիրոյ հայկական երանգներով», այս մասին կը տեղեկացնէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 6-10 թուականներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին, մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին տասներկու հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն աւելի քան յիսուն տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի:
Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի Փետրուարի 24-ին կը ստանայ պատուաւոր «Սեզար» շարժանկարի մրցանակը։ Այս որոշումը կայացուցած է Ֆրանսայի Շարժանկարի ակադեմիան:
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ զանազան ուղղութիւններով զարգացնել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան ղեկավար Սարա Սուինֆորտ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։