ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ նոր կորուստներ տուին Սուրիոյ մէջ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից զինուորներ դարձան ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) թիրախը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, այսօր Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցին պաշտօնական ճաշկերոյթով եւ արժանավայել յայտագրով պիտի տօնախմբէ շրջանի համայնքի 90-րդ եւ եկեղեցւոյ օծման 60-րդ տարեդարձները:
Պրազիլիոյ Ռիօ տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ այսօր պաշտօնապէս կը բացուի հռչակաւոր քարնավալը: Աւանդական արարողութեան շրջանակներէն ներս քաղաքի խորհրդանշական, փայլուն քարերով զարդարուած բանալին կը յանձնեն Մոմօ թագաւորին՝ տօնի տիրոջը, որու դերին համար յատուկ դատակազմը ամէն տարի կ՚ընտրէ բարձրահասակ եւ գէր տղամարդ մը:
Վաղը՝ Փետրուարի 26-ին, Երկրի բնակիչները կրնան եզակի աստղագիտական երեւոյթի հետեւիլ՝ արեւու օղակաձեւ խաւարման: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, արեւու օղակաձեւ խաւարումը տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ երկնակամարին վրայ կը կրճատուին Լուսնի եւ Երկրի մակերեւոյթի ստուերները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գլուխ գլխի:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի կողմէ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ: