ՏԱԿԱՒԻՆ ՎԱՂ Է…
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս. «Մենք միշտ յստակ նշած ենք, թէ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, արդար եւ անկեղծ ճանաչում այն դէպքերուն համար, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին»:
Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած:
Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն ղեկավարներ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ պիտի այցելեն Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ այդ ամբողջէն բխած արդի հարցերուն շուրջ։ Անոնք աչքէ անցուցին նաեւ երկկողմանի միջոցառումներու ծրագիրը։
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի։ Այս մասին Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Արցախի ճակատին վրայ նախորդ գիշեր հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դիպուկահարի մը կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց Կարէն Ուլուպապեան (1995)։
Կլէյտիս Պէրէճիքլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի 45-րդ վարչապետը: Ան, Յունուար 23ին, միաձայն ընտրուած է Լիպերալ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին: