ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՂՆԵՐ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐ
Էսկիշէհիրի «Անատոլու» համալսարանի եւ Պաշտօնական արդիւնաբերութեան ընդհանուր վարչութեան միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի այս բնագաւառին համար հասցնել նոր հետազօտող մը։ Սոյն ծրագրին վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրեցին համալսարանի վերատեսուչը՝ Փրոֆ. Նաճի Կիւնտողան եւ յիշեալ ընդհանուր վարչութեան պետի տեղակալ Ճելալ Սամի Թիւֆեքճի։