ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ՉԷ ՈՒՆԵՆԱԼ ՆՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ»
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կամ աշխարհի վրայ ամէն մարդ պարտաւոր չէ ունենալ նոյն ապրելակերպը։
Երէկ, Էրտողան Պեշթեփէի համալիրին մէջ իր 33-րդ հանդիպումը ունեցաւ երկրի զանազան շրջաններէն փութացած թաղապետներու կամ գիւղապետներու հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի տեսակցի ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ֆրանք Էնկէլ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ ուղիղ բանակցութիւններու անցնելու անհրաժեշտութիւնը։
Թուրքիա վճռած է անձնատուր չըլլալ ահաբեկչութեան, աննախընթաց միասնականութեամբ:
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ 2017 թուականի կէսերուն Հայաստանի մէջ հաստատել 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով ներդրումային հիմնադրամ մը։ Այդ դրամագլուխին 15 միլիոն եւրոն պիտի յատկացուի Եւրոմիութեան կողմէ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան, որ Անգլիոյ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ այս տարի, դասուած է տարուան հարիւր լաւագոյն խաղացողներու շարքին։ Fourfourtwo-ի կողմէ կազմուած ցուցակի 60-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուցած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայ եղանակի սկիզբին 42 միլիոն եւրօ փոխարժէքով փոխանցուած էր «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ։