ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԵՒ ՊԱՀՉԵԼԻ ՀԱՍԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեվլէթ Պահչելիի հետ։ ԱՔ կուսակցութիւնը եւ ՄՀՓ միջոցէ մը ի վեր աշխատանք կը տանին Սահմանադրութեան բարեփոխման նիւթին շուրջ։
Օթթաուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր միջնադարեան Անի քաղաքին։
Հալէպահայ երէց սերունդէ յայտնի մտաւորական Թորոս Թորանեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան, վերջերս զրուցեց «Արեւելք» կայքէջին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր հետ կատարուած տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շեշտած է, որ Սուրիոյ գաղութը պիտի պահպանուի՝ Հայաստանի համար։
«Նեզավիսիմայա Կազեթա»ի հաղորդումներով, Պաքու կը վարէ խտացեալ բանակցութիւններ՝ նոր սպառազինութիւն ապահովելու համար:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու երէկ Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որով կը նախատեսուի հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբի ստեղծումը։ Այս նիւթը միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է եւ ծրագրին նկատմամբ վերջերս իր հաւանութիւնը տուած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Եւրոյանձնաժողովի հետազօտութեան, գիտութեան ու նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս վերջերս Պրիւքսելի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ «Գերազանցութիւն տարածելով եւ անցնելով նորարարութեան սահմանները» խորագրեալ գիտաժողովին ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եւրոպացի յանձնակատարը, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Հայաստան, այդ հաւաքոյթին ընթացքին բաժնեց իր ուղեւորութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները։
Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան 2018-ի գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Երեւանի մէջ քննարկում մը՝ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ: