ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ 2017 թուականի կէսերուն Հայաստանի մէջ հաստատել 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով ներդրումային հիմնադրամ մը։ Այդ դրամագլուխին 15 միլիոն եւրոն պիտի յատկացուի Եւրոմիութեան կողմէ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան, որ Անգլիոյ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ այս տարի, դասուած է տարուան հարիւր լաւագոյն խաղացողներու շարքին։ Fourfourtwo-ի կողմէ կազմուած ցուցակի 60-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուցած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայ եղանակի սկիզբին 42 միլիոն եւրօ փոխարժէքով փոխանցուած էր «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ։
Թուրքիա 2017 թուականը դիմաւորեց Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքին ցնցումով. 39 զոհ, 65 վիրաւոր
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք նոր տարի կը մտնենք մեր ուժերուն նկատմամբ վստահութեամբ»:
ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէժ Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ խաղաղութիւնը ընդգծեց որպէս առաջնահերթութիւն՝ 2017 թուականին համար։ Կութերէժ, որ երէկուան դրութեամբ ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, ըսաւ հետեւեալը. «Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր նպատակը եւ մեր ուղեցոյցը։
2 Ապրիլ 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:
2017 թուականի յատկանշական յոբելեաններու շարքին է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան: