ՄԱՀԱՑՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Ըստ Փենթակոնի, Մուսուլի գործողութեան առաջին օրուան արդիւնքը նախատեսուածէն աւելի լաւ է:
ԻՇԻՊ ծանր վնասներ կը կրէ - Տասներկու գիւղ ազատագրուած: Միջազգային գետնի վրայ բուռն իրադարձութիւններ: Իւմիտ Եալչըն շփումներ ունեցաւ Պաղտատի, իսկ զօր. Հուլուսի Աքար՝ Ուաշինկթընի մէջ:
«Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի»խորագրեալ գիտական կարեւոր հաւաք մը:
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ օր չ՚անցնիր, որ նոր ողբերգութիւն մը չպատահի Հալէպի մէջ։ Աւելորդ է ըսել, որ այս երեւոյթը ամէն օր նոր ու ջլատիչ ողբերգութեան մը ծնունդ կու տայ նաեւ հալէպահայութեան տեսակէտէ։
Մուսուլը ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ուղղեալ լայնածաւալ գործողութիւնը սկսաւ կէս գիշերին
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։
Փութինի խօսքերով, ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան հարցը: