ԿԱՄՔԻ ՊԱԿԱՍԷ ԱՒԵԼԻՆ
Եդուարդ Նալպանտեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի արդի փուլի հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման սկզբունքներուն անդրադարձաւ երէկ Փոտստամի մէջ կազմակերպուած՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին ընթացքին:
«Կա՛մ այն ձեւով, ինչպէս մենք կ՚ըսենք, կամ պատերազմ. այս մօտեցումը կը տանի փակուղի։ Ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը կենսական նշանակութիւն ունի»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Չինաստան՝ մասնակցելու համար «G-20»ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակին վրայ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը 11-րդն է իր նմաններու շարքին։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Շուլցը ընդունեց Պեշթեփէի պալատին մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ՝ Սեպտեմբերի 8-ին ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Պերաթ Ալպայրաք եւ Ալեքսէյ Միլըր երէկ մանրամասնօրէն քննարկեցին «Թրքական հոսք» ծրագիրը:
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։