ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԷՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պէշթէփէի պալատէն ներս ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։