ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻՆ «ՔՈՔԱ-ՔՈԼԱ»Ի ՇԻՇԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Երէկ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Քոքա-Քոլա հելլէնիկ պաթլինկ քամփընի Արմենիա»ի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, ըստ որու՝ «Քոքա-Քոլա»ի շիշերու վրայ պիտի պատկերուին հայկական պատմամշակութային բարձր արժէք ներկայացնող յուշարձաններ: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ:
Միջնորդները յառաջիկային պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց 1 ժամ 45 վայրկեան։
«Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» շրջանառութեան մէջ դրած է երկու նամականիշ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Ճօ Պայտընը հիւրընկալեց իր իջեւանած պանդոկին մէջ