ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՐԱՑՄԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցին շուրջ պատրաստուած նոր բանաձեւը երէկ գտաւ իր սկզբնական վաւերացումը։ Այս նոր նախագիծը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է կառավարութեան կողմէ, կը նախատեսէ քրէականացնել «հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը»։