ԲԱՐԴ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյենութեան զտումի հանգրուանին 8 Հոկտեմբերին պիտի երթայ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-9 Հոկտեմբերին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ:
Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեան: Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է՝ մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի գրպանի հեռաձայններու ապագային մասին:
Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարը՝ ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ: Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստան»ի (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող, փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
26 Սեպտեմբեր-5 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1960-1961 թուականի աշխարհի ճատրակի ախոյեան Միխայիլ Տալի (1936-1992) յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը։ Սոյն մրցաշարքին կը մասնակցի Լեւոն Արոնեան:
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է եզակի գործ մը, որ կը դասուի հայկական գրականութեան ամենայատկանշական երկերու շարքին։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։